2015-12-06 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` 6 դեկտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 6 դեկտեմբեր 2015-ին, Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարուան նախօրեակին, սովորութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Կիրակնօրեայ աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը հայող Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի քարոզութեան ու Անոր Յորդանան գետին մէջ մատակարարած մկրտութեան, որպէս մեղքերու թողութիւն։

''Կարապետին ձայնը այսօր եւս կը հնչէ մարդկութեան անապատներուն մէջ, եւ մեզ կը հարցադրէ եթէ իսկապէս կ՛ընթանանք ուղիղ ճանապարհին վրայ, ապրելով Աւետարանի կեանք մը'', յարեց Սրբազան Հայրը խորհրդածութեան ընթացքին հաստատելով թէ ''Այսօր եւս Ան մեզ կը յորդորէ, Եսայի մարգարէի խօսքերով, ''Պատրաստեցէք  Տիրոջ ճանապարհը եւ հարթեցէք անոր շաւիղները''։ Հրատապ հաւէր մըն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, բանալու համար մեր սրտերը եւ ընդունելու  փրկութիւնը զոր Աստուած կ՛ընծայէ մեզի անդադար, որովհետեւ մեզ կ՛ուզէ ազատագրել մեղքէն։ Աստուծոյ փրկութիւնը յատկացուած է ամէն մէկ անհատի, բոլոր ժողովուրդներուն, որովհետեւ Աստուած կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ, ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց ''Ասոր համար մեզմէ ամէն մին կանչուած է ճանչցնելու Յիսուսը բոլոր անոնց որոնք չեն ճանչնար զինք։ Եթէ մեր շուրջը նայինք պիտի նկատենք անձեր որոնք պատրաստ են իրենց հաւատքի ճանապարհը վերսկսելու եթէ անոնք առիթն ունենան հանդիպելու` Յիսուսի սիրահարուած քրիստոնեաներու։ Այդ քրիստոնեաները կարող ենք մենք ըլլալ, տապալելով հպարտութեան եւ մրցակցութեան լեռները, լեցնելով անտարբերութեան փոսերը, եւ ուղղելով մեղկութեան եւ փոխզիջումի մեր ճանապարհները։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի տապալելու արգելքներն ու խոչընդոտները որ կ՛ընդդիմանան մեր ապաշխարութեան, այսինքն մեր ուղեւորութեան Տիրոջ հետ հանդիպելու, որ Միակն է որ կարող է մարդուն բոլոր յոյսերը իրականացնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.